|
Նախորդ շրջանի վարչական կազմի գործունէութիւնը շատ հաւանաբար «գնահատելի» որակուեցաւ տարեկան Թեմական ժողովին: Երեւոյթը մեր մէջ կ՛արթնցնէ նախակրթարանի յիշատակներ: Տարրական դպրոցներու աշակերտութեան մեծ մասը «գնահատելի» որակում կը ստանայ՝ իսկ միայն չնչին տոկոսը կարգը կրկնելու հարկադրանքին տակ կ՛ըլլայ:
Նախկին վարչութիւնը, մեր յիշողութեան համեմատ, միմիայն վերջին ամիսներուն լաւ աշխատեցաւ եւ այդ ամիսները զուգադիպութեամբ չէ որ թեմական ժողովին նախորդող շրջանին մէջ կ՛իյնային: Ամենայն դէպս, մենք միշտ դէպի առաջ նայելու յատկութիւն ունինք եւ առաջին ակնարկով կը տեսնենք թէ, վարչական նոր կազմը, արդէն քայլեր առած է յառաջացնելու զանազան յանձնախումբեր՝ գործի հրաւիրելով շատ մը նոր եւ կամ նոր թուացող դէմքեր: Կը մնայ հետեւիլ, տեսնելու համար թէ այս պարտաճանաչ սկիզբը որքանո՜վ պիտի շարունակուի:
Վարչական սովորական խոչընդոտները (մանաւանդ կեդրոնաձիգ գործելակերպը եւ կուսակցական ու անհատական անհարկի միջամտութիւնները) պէտք է նուազագոյնին իջնեն, որպէսզի գործի հրաւիրուած անձերը կարենան ստեղծագործել եւ ուրիշներու ալ ներգրաւել ազգային կեանքէն ներս:
Մենք գիտենք, թէ հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր հայեր կան (3-4 հազար հաշուող գաղութի մը մէջ), որ չեն հետեւիր ազգային կեանքի եւ ընդհանրապէս հեռու կը մնան հաւաքական գործունէութենէ (չհմայուինք զատկուան կամ ծնունդի տօներուն մեր առջեւ պարզուող խաբուսիկ թիւերէն):
Մարտահրաւէրը մեծ թուով հայեր դէպի դպրոց - եկեղեցի եւ հաւաքական կառոյցնել քաշելու մէջ կը կայանայ:
Այդ մէկը կարելի է իրականացնել միայն, երբ վարչականները գիտակցին թէ ահաւոր պարտականութեան մը առջեւ կը գտնուին, ուր պէտք է գործակցին բոլոր կողմերուն հետ անխտիր:
Անոնք մանաւանդ պէտք չէ տարուին թմրութիւն պատճառող խօսքերով, ինչպիսին են՝ «ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ», «ասկէ աւելի լաւ չ՛ըլլար», «արդէն միշտ այսպէս եղած է» եւայլն:
Եթէ այդ խօսքերը յաճախ կրկնուին, արդէն լաւ պատճառաբանութեան կրնան վերածուիլ՝ ստեղծելով նուազագոյնով բաւականանալու հոգեվիճակ: |