Armenian Articles

print

Դուք տակաւին կ՛ուզէք աւելի՞ սեղմել օղակը 2010-02-06

Վերջերս մէկը մեզ յուշեց, թէ Ազատ-Հայ կայքին մէջ տեղ տուած ենք քննադատական «անհաճոյ» խօսքերու: Այլ մէկը զգուշացուց, թէ չկարծենք Ազատ-Հայ անունը կրելով վաստկած կ՛ըլլանք ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք: Երրորդ մը մատնանշեց, թէ պէտք չէ ազատութիւնը սանձարձակութեան հետ շփօթել:

Պիտի փորձենք հասկնալ թէ ի՜նչ կը նշանակեն վերոյիշեալ միտքերը

Նախ եւ առաջ մենք կը գործենք Միջին Արեւելեան միջավայրի մէջ եւ արդէն պետականօրէն սահմանուած շրջագիծ մը կայ, զոր ներքին գրաքննութեամբ ստիպուած ենք յարգել, որպէսզի մեր կայքը յանկարծ չխափանուի:

Ապա կայ մեր ընկերային կեանքի պարտաւորութիւններէն բխած պարագայ մը, ըստ որուն արդէն չենք կրնար (կամ փափաքիլ) բացայայտ ակնարկութիւն կատարել մեր եւ ուրիշներուն կողմէ ճանչցուած անձերու (կամ երեւոյթներու) մասին, որովհետեւ կրնանք ի վերջոյ զրկուիլ այդ անձերուն մտերմութենէն կամ բարեհաճութենէն:

Կան նաեւ զանազան կուսակցական, աւանդական, կրօնական, քաղաքավարական եւ այլ կաշկանդումներ:

Կան համաքաղաքացիական, համագիւղական, հայրենակցական, յարանուանական եւ խնամիական կապեր:

Կան նաեւ դիւանագիտական հաշուարկումներ եւ տնտեսական նկատառումներ:

Երբեմն կան մարդկային, մարդասիրական եւ բարեսիրական մտահոգութիւններ:

Չմոռնանք նաեւ պատահական բարի-դրացիական եւ արհեստակցական առընչութիւնները:

Կան նաեւ ընտանեկան փափկանկատութիւններ:

Ուրեմն այս բոլորէն ետք դուք տակաւին կ՛ուզէք աւելի՞ սեղմել օղակը: